2016-01-25 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` 31 հոկտեմբեր 2016-ին Շուէտը պիտի այցելէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը` երկուշաբթի 25 Յունուար 2016-ին հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց որուն մէջ նշեց թէ Նորին Սրբութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ` յառաջիկայ 31 Հոկտեմբեր 2016-ին Շուէտի Լունտ քաղաքին մէջ­, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան միասնական արարողութեան, Լուտերական բարեկարգումի 500-րդ տարեդարձի ոգեկոչումի ծիրէն ներս, որ նախատեսուած է  2017 թուականին։

 

Վերոնշեալ համամիութենական արարողութիւնը պիտի գլխաւորեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան նախագահ` Գերապայծառ Տիար Մունիպ Եունան եւ Վերապատուելի Մարթին Եունկը։ Արարողութիւնը առաւելապէս պիտի սատարէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ լուտերական Եկեղեցւոյ միջեւ երկխօսութեան ամրապնդման ու համամիութենական ուղեւորութեան գործընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.